2016-03-23 12:14:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն` Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ աւագ շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր` բարիլոյս, այսօրուայ մեր խորհրդածութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան մասին, մեզ կ՛առաջնորդէ Սուրբ Զատկուայ աւագ շաբթուայ վերջին եռօրեային։ Պիտի ապրինք աւագ Հինգշաբթին, Ուրբաթն ու Շաբաթը` որպէս զօրեղ պահեր, որոնք մեզի թոյլ կու տան մուտք գործել մեր հաւատքի ամենամեծ խորհուրդին մէջ` ''Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը''։ Ամէն ինչ այս երեք օրերու ընթացքին կը խօսի ողորմութեան մասին, որովհետեւ տեսանելի կը դարձնէ մինչեւ ուր կարող է հասնիլ Աստուծոյ սէրը։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ 23 Մարտի` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Յիսուսի կեանքի վերջին երեք օրերուն ու յատկապէս այդ երեք օրերու խորհրդաւոր իմաստի մասին որ կը գտնուի Յովհաննէսի Աւետարանի 13 գլխուն մէջ, ուր առաքեալը կը գրէ ''Սիրեց իրենինները եւ սիրեց զանոնք ի սպառ''(Յովհ 13,1)։

Աստուծոյ սէրը, ըսաւ Քահանայապետը, անսահման ու անհուն է եւ խորհուրդը որ կ՛ապրինք այս սուրբ շաբթուայ ընթացքին սիրոյ պատմութիւն մըն է որ խոչընդոտներ չի ճանչնար։

Յիսուսի չարչարանքը` մարդկութեան հետ տառապանքի բաժնեկցութեան պատմութիւն մըն է։ Սուրբ Զատիկը նախորդող այս երեք օրերը`  սիրոյ ողբերգութիւն մըն են որոնք մեզի կու տան այն համոզումը թէ մենք կեանքի դժուարութիւններու դիմաց` երբեք միայնակ պիտի չի մնանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ բացատրեց աւագ շաբթուայ այս երեք օրերուն իմաստն ու ծիսական արարողութիւնները։ Աւագ հինգշաբթի օր` Յիսուս կը հաստատէ Սուրբ Հաղորդութիւնը։ իր աշակերտներուն ցոյց կու տայ իր անհուն սէրը` լուալով անոնց ոտքերը ու անոնց ներկայացնելով օրինակը որուն պէտք է հետեւին։ Սուրբ Հաղորդութիւնը ծառայութիւն դարձող սէր է։ Ինքզինք մեզի նուիրելով Յիսուս մեզի կը յայտնէ թէ պէտք ենք ուրիշներու հետ բաժնեկցիլ այս ''սնունդը'' որպէսզի ան դառնայ կեանքի իսկական հաղորդութիւն` կարիքի մէջ գտնուող անձերուն հետ։

Աւագ ուրբաթ օրը սիրոյ արտայայտութեան գագաթնակէտն է։ Յիսուսի մահը խաչին վրայ կը յատկանշէ անհունօրէն պարգեւուած սէրը։ Սէր մը որ կ՛ուզէ պարգեւել փրկութիւն համայն աշխարհին։ Սէրը որ կ՛ուզէ ողջագուրել բոլորը, առանց բացառութեան։ Եթէ Աստուած մեզի ցոյց տուաւ իր սէրը Յիսուսի մահով մենք եւս, վերակենդանացած Սուրբ Հոգիով կարող ու պարտական ենք սիրել մէկը միւսին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց աւագ շաբաթ օրուայ զայն որակելով  ''Աստուծոյ լռութեան օր''։ Յիսուս մարդկութեան հետ կը բաժնեկցի մահուան ողբերգութիւնը։ Լռութիւն մը որ կը խօսի սիրոյ մասին, որպէս զօրակցութիւն լքուածներուն հետ։ Աստուած կը լռէ սիրոյ համար։ Եւ այդ օր սէրը կը դառնայ սպասում Յարութեան մէջ` նոր կեանքի։

Այս բոլորը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սիրոյ եւ ողորմութեան մեծ խորհուրդ մըն է։ Յիսուս պատրաստ է աւելիով չարչարուիլ մեզի համար եթէ հարկաւոր ըլլայ։ Այս է Անոր սէրը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով թոյլ տալ որ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը մեզ պարուրէ'' եւ այս օրերուն, մինչ մեր հայեացքը կը սեւեռենք Տիրոջ չարչարանքի ու մահուան վրայ, մեր սրտերուն մէջ ընկալենք Անոր սիրոյ անհունութիւնը եւ Աստուածամօր նման, լռութեան մէջ, սպասենք Յարութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.